2017-06-21 09:46:00

''Սուրբերը` Յոյսի վկաներ եւ ուղեկիցներ''. Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։


''Եղբայրներ քանի որ Աստուած մեզի համար նախատեսած էր աւելի լաւ բան մը, որպէսզի անոնք չհասնին խոստումին իրագործումին՝՝ առանց մեզի: Ուստի մե՛նք ալ, քանի որ շրջապատուած ենք ա՛յսչափ շատ վկաներու բազմութեամբ, թօթափե՛նք ամէն ծանրաբեռնում, եւ մեղքը՝ որ դիւրաւ կը պաշարէ մեզ, ու համբերութեա՛մբ վազենք մեզի առաջարկուած մրցարշաւը՝ նայելով Յիսուսի, մեր հաւատքի ռահվիրային եւ իրագործողին'' (Եփր  11,40-12,2)

(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաթի 21 յունիս 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն, ու այս առթիւ շարունակելով քրիստոնէական յոյսի մասին իր խորհրդածութիւնները խօսքը կեդրոնացուց Սուրբերու վրայ` որպէս յոյսի վկաներ։

Մեր մկրտութեան օրը քահանան հայցելով Սուրբերու բարեխօսութիւնը հաւատացեալներու հասարակութիւնը հրաւիրեց աղօթելու անոնց համար որոնք Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը պիտի ընդունին։ Այդ պահը առաջին պահը եղած է ուր մեզի առիթ ընծայուեցաւ  վայելելու մեր աւագ  եղբայրներու եւ քոյրերու ուղեկցութիւնը, որոնք անցան մեր ճանպահէն ու ճանչցան մեր նոյն տառապանքները ու այսօր կը գտնուին Աստուծոյ ողջագուրումին մէջ - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով` Սուրբ Պօղոսի Եփրայեցիներուն ուղղած նամակին ուր` առաքեալը այդ ուղեկցութիւնը կ՛որակէ ''վկաներու մեծ բազմութիւն''։

Քրիստոնեաները չարին դէմ պայքարի մէջ չեն յուսալքուիր։ Քրիստոնէութիւնը մեծ վստահութիւն ունի, չի հաւատար թէ ժխտական ու կործանող ուժերը կարող են յաղթանակել։ Կեանքի ամէն մէկ պահուն Աստուծոյ ձեռքը ինչպէս նաեւ մեզ կանխող հաւատացեալներու զուսպ ներկայութիւնը` մեզ կը խրախուսէ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ։

Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդէն զատ ս. Պսակի ընթացքին եւս պսակեալներուն համար կը հայցենք Սուրբերու բարեխօսութիւնը, որպէս վստահութեան աղբիւր` երիտասարդ զոյգին համար, որ սկիզբ կու տայ ''ամուսնական'' ճանապարհորդութեան, քաջութիւնը ունենալով մշտական ''այո'' ըսել եւ իրազեկ ըլլալով թէ կարիքը ունին Քրիստոսի շնորհքին ու սուրբերու օգնութեան։

''Աստուած երբեք մեզ չի թողուր։ Ամէն անգամ որ մենք կարիքի մէջ ենք­, Անոր հրեշտակներէն մին կու գայ մեզ օգնելու եւ մխիթարելու։ Հրեշտակներ որոնք յաճախ ունին մարդկային դիմագիծ եւ սիրտ, որովհետեւ Աստուծոյ սուրբերը կը գտնուին նաեւ մեր մէջ'' յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը ու ակնարկեց այլ խորհուրդի մը` Քահանայական ձեռնադրութեան, որուն ընթացքին եւս Եպիսկոպոսն ու հաւատացեալները կը հայցեն սուրբերու բարեխօսութիւնը։

''Մենք դէպի երկինք ձգտող փոշի ենք։ Տկար են մեր ուժերը սակայն զօրեղ է շնորհքի խորհուրդը որ ներկայ է քրիստոնեաներու կեանքին մէջ'' – ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու խնդրեց որ Տէրը մեզի պարգեւէ` Սուրբ դառնալու յոյսը` ''ամենամեծ նուէրը որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կարող է նուիրել աշխարհին''։

Թող Տէրը մեզի տայ շնորհքը խորապէս հաւատալու Անոր, որպէսզի այս աշխարհին համար դառնանք այլ ոմն Քրիստոսներ. Մեր պատմութիւնը կարիքը ունի մարդոց որոնք կը մերժեն գերիշխանութիւնը ու կը ձգտին եղբայրութեան ու սիրոյ։ Մարդիկ ու կիներ որոնք կ՛ապրին` ընդունելով տառապանքը, որովհետեւ իրենց վրայ կ՛առնեն ուրիշներուն բեռը։ Առանց այսպիսի մարդոց ու կիներու աշխարհը կարող չէ յոյս ունենալ - հաստատեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը որուն աւարտին զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալներուն ապա յատուկէն ողջունեց երիտասարդները, հիւանդներն ու նորապսակները յիշեցնելով թէ յառաջիկայ ուրբաթ օր` կը նշուի Յիսուսի Սուրբ Սրտի տօնը, ու հրաւիրեց երիտասարդները Յիսուսի Սիրտէն սնանելու եւ յոյսով ներշնչուելու, խրախուսեց հիւանդները իրենց ցաւերը յանձնելու Տիրոջ ու նորապսակներուն յանձնարարեց մասնակցիլ Սուրբ Հաղորդութեան  խորհուրդին որպէսզի սնանուած Քրիստոսով դառնան քրիստոնեայ ընտանիքներ` ողողուած աստուածային Սրտի սիրով։   








All the contents on this site are copyrighted ©.